2013-02-12 13:59:15

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան Հոգեպարար Արարողութիւններ` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ


Հայ առաքելական եկեղեցին երկուշաբթի, 11 փետրուարին մուտք գործեց Մեծ պահոց քառասնօրեայ ժամանակաշրջանը, որ եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ սահմանուած սքանչելի առիթ է ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի:
Անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի պիտի ունենան Արեւագալի ժամերգութիւնները, ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, իսկ Հսկումի արարողութիւնները` ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ երեկոյեան ժամը 5:00-ին: Դարձեալ անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալ ժողովուրդը ի՛նք պիտի կատարէ երգեցողութիւնը` Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ պատրաստուած յատուկ ժամագիրքերուն հետեւելով:
Յայտնենք, որ ամէն չորեքշաբթի առաւօտ, Արեւագալի արարողութեան աւարտին, Մայր տաճարին մէջ հոգեւոր խորհրդածութիւններ պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.